Իսրայէլեան հրթիռներ արձակուած են Դամասկոսի գիւղական «Ժամրայա» գաւառակին ուղղութեամբ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ Ժուհուրիայա» պարբերականը, որ նաեւ կը նշէ, թէ դէպքը պատահած է երէկ ուշ գիշեր:
Ըստ «Սանա» լրատուական գործակալութեան սուրիական օդուժը յաջողած է դէմ դնել եւ վար առնել երեք հրթիռներ:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ այդ շրջանին մէջ կայ զինուորական կարեւոր խարիսխ մը:
Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ նման գրոհներ կը կազմակերպէ թիրախ ունենալով սուրիական բանակի ինչպէս նաեւ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի զինուորական կայաններ կամ դէպի Լիբանան զէնք փոխադրող շարասիւններ:
Սագօ Արեան, «Հայ Ձայն»ի Աւագ յօդուածագիր